image

Իսրայէլ պիտի վերադառնայ «Համաս»-ի հետ կրակի դադրեցման շուրջ բանակցութիւններուն

Իսրայէլ պիտի վերադառնայ «Համաս»-ի հետ կրակի դադրեցման շուրջ բանակցութիւններուն

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հաւանութիւն տուած է պաղեստինեան «Համաս» շարժման հետ Կազայի հատուածին մէջ կրակի դադրեցման շուրջ բանակցութիւններուն։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին հաղորդած է CNN-ը։

«Նաթանիահուն զրոյց ունեցած է «Մոսատ» հետախուզութեան տնօրէնի եւ ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարի հետ եւ հաւանութիւն տուած է յառաջիկայ օրերուն Տոհայի եւ Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի կայցման»,-մէջբերած է հեռուստաալիքը Նաթանիահուի գրասենեակի յայտարարութենէն: