image

Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Լիբանանը. Հրթիռակոծուած է 15 բնակավայր

Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Լիբանանը. Հրթիռակոծուած  է 15 բնակավայր

Իսրայէլեան բանակը հրետակոծած է 15 բնակավայր Լիբանանի արեւելեան եւ հարաւային շրջաններու մէջ: Այս մասին հաղորդած է լիբանանեան «Ալ-Մանար» հեռուստաալիքը:

Նշուած է, որ յարձակումն իրականացուած է լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման դէմ ուղղուած սպառնալիքներէն ետք, որուն Իսրայէլը մեղադրած է շաբաթ օր Կոլանի բարձունքներու հրթիռակոծման համար:

Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ հրետակոծման ենթարկուած է Պաալպեք շրջանի Տարիա քաղաքը, Պընթ Ժըպէյլ թաղամասի Այտա ալ-Շաապ, Եարուն, Ռամիյա եւ Այթարուն բնակավայրերը, Իսրայէլի հետ սահմանի մօտ գտնուող Մարճահյուն շրջանի մէջ Խիյամ, Քֆար Քիլա, Մեյս էլ-Ժապալ եւ Մարքապա քաղաքները, ինչպէս նաեւ Պուրճ ալ-Շամալի, Ալ-Ապպասիա, Թայր, Խարֆա, Ան-Նաքուրա եւ Շիխին քաղաքները:

Նախօրէին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն անվտանգութեան գրասենեակի նիստ հրաւիրած էր՝ քննարկելու Իսրայէլի արձագանգը Կոլանի բարձունքներուն մէջ «Հըզպալլա»-ի մահացու հարուածին:

Նաթանիահուին միացած են պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը, ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ցաչի Հանեկպին, Նաթանիահուի շտաբի պետ Ցաչի Պրավերման, Մոսատի ղեկավար Տեյվիտ Պարնեան, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ընդհանուր շտաբի այլ անդամներ եւ պաշտօնեաներ:

Նշուած է, որ հրթիռն արձակուած է Լիբանանի տարածքէն եւ ինկած Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներուն մէջ գտնուող Մաժտալ Շամս գիւղի ֆութպոլի դաշտի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով զոհուած է 12 մարդ՝ հիմնական 10-16 տարեկան երեխաներ եւ դեռահասներ: Հաղորդուած է 20 վիրաւորի մասին:

Իսրայէլ կատարուածի համար մեղադրած է լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը: Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն նախազգուշացուցած է, որ «Հըզպալլա»-ն «պիտի վճարէ ծանր գին, որ մինչ այժմ չէ վճարած», մինչդեռ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ղեկավար Հերզի Հալեւին ըսած է, որ յարձակումը «պիտի յանգեցնէ շատ, շատ նշանակալի արձագանգի»:

«Հըզպալլա»-ի գլխաւոր խօսնակ Մուհամմետ Աֆիֆն ըսած է, որ շարժումը «կտրականապէս կը հերքէ Մաժտալ Շամսի վրայ յարձակման իրականացումը»: