image

Իսրայէլ Կազայի մէջ նոր սպանդ մը գործած է. Զոհուած է 70 մարդ

Իսրայէլ Կազայի մէջ նոր սպանդ մը գործած է. Զոհուած է  70 մարդ

Առնուազն 66 մարդ է զոհուած է Կազայի հատուածի կեդրոնին մէջ գտնուող պաղեստինցի փախստականներու «Մաղազի» ճամբարի վրայ Իսրայէլի օդուժի հարուածի հետեւանքով։ Այս մասին յայտնած է Al Jazeera հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով անկլաւի առողջապահութեան նախարարութեան։

Անոր խօսքով՝ տասնեակ մարդիկ վիրաւորուած են։ Իսրայէլեան բանակը յարձակած է նաեւ «Ալ Պուրէյճ» եւ «Նուսէյրաթ» ճամբարներու վրայ։

Դեկտեմբեր 1-ին իսրայէլացի զինուորականները պաղեստինեան արմատական ՀԱՄԱՍ շարժումը մեղադրած են նոյեմբեր 24-էն գործող զինադադարը խախտելու համար եւ յայտարարած են, որ կրկին կը վերադառնան Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւններու։

Կազայի հատուածի առողջապահութեան նախարարութեան վերջին տուեալներու համաձայն՝ անկլաւին մէջ զոհերու թիւը գերազանցած է 19,6 հազարը, գրեթէ 52,6 հազարը վիրաւորուած է։