image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ ազատ պիտի արձակէ 300 պաղեստինցի բանտարկեալ

Իսրայէլ ազատ պիտի արձակէ 300 պաղեստինցի բանտարկեալ

Չորեքշաբթի վաղ առաւօտեան Իսրայէլի արդարադատութեան նախարարութիւնը հրապարակած է այն բանտարկեալ պաղեստինցիներու ցուցակը, որոնք ազատ պիտի արձակուին ՀԱՄԱՍ-ի հետ ակնկալուող գործարքի շրջածիրէն ներս։ Ազատ արձակուող բանտարկեալները ՀԱՄԱՍ, Պաղեստինի իսլամական ճիհատ, Ֆաթըհ եւ Պաղեստինի ազատագրման ժողովրդական ճակատ խմբաւորումներէն են:

Ազատ արձակուելիք բանտարկեալներու մեծ մասը արեւելեան Երուսաղէմի բնակիչներ են, գրած է jpost.com-ը։

Կ՚ակնկալուի, որ 300 բանտարկեալներէն 150-ը պիտի ազատուին Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ պայմանաւորուածութեան առաջին փուլին, յայտնած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները՝ աւելցնելով, որ հրապարակուած ցուցակէն աւելի շատ բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին իսրայէլցի պատանդներու հետագայ ազատ արձակումէն ետք: