image

Իշխող կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստ կայացած է

Իշխող կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստ կայացած է

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, 3 յունուարին, ունեցած է վարչութեան նիստ, որ վարած է վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն, ամփոփուած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Կեդրոնի տարածքային կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահի ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով խորհուրդի նախագահ ընտրուած էր Սամուէլ Եղիազարեանը։

Քննարկուած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան տարածքային կազմակերպութիւններու խորհուրդներու եւ նախաձեռնողի նիստերու կազմակերպման վերաբերեալ եւ այլ ընթացիկ հարցեր։