image

Իշխանական պատգամաւորին կարծիքով Ուաշինկթընեան բանակցութիւններու յետաձգումը կապուած է Էրտողանի Պաքու տուած այցին հետ

Իշխանական պատգամաւորին կարծիքով Ուաշինկթընեան բանակցութիւններու յետաձգումը կապուած է Էրտողանի Պաքու տուած այցին հետ

Կ'ենթադրեմ, որ իրենք հիւր ունէին այս օրերուն, մասնաւորապէս, արդէն գիտէք, որ Թուրքիոյ նախագահը այցելած է Ատրպէյճան, հետեւաբար, իմ կարծիքով, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարն այդ օրերուն չէր կրնար բացակայիլ Պաքուէն: Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է իշխանական պատգամաւոր Արման Եղոյեանը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խնդրանքին՝ յետաձգելու Ուաշինկթընեան բանակցութիւնները:

Հարցին՝ հնարաւո՞ր է արդեօք Ատրպէյճանը ինչ-որ բա՞ն ունի Էրտողանի հետ համաձայնեցնելու, պատգամաւորը պատասխանած է. «21-րդ դարում ենք ապրում, նման բաները հեռախօսով էլ կարելի է համաձայնեցնել»։

Պատգամաւորը նշած է, որ չի կրնար ըսել՝ հնարաւոր է յառաջիկային նոր հանդիպում ըլլայ, թէ ոչ, նշելով, որ «Նման հարցերն օրերի կտրուածքով չեն լուծւում, շաբաթների կտրուածքով են լուծւում»,-ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ գործընթացի քննարկումներու յաջորդ փուլը արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կը նախատեսուէր յունիսին՝ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ: