image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքի Թեմը ունի նոր Առաջնորդ. Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կուլկոլեանը պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը (Լուսանկար)

   Իրաքի Թեմը ունի նոր Առաջնորդ. Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կուլկոլեանը պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը (Լուսանկար)

 

 

Իրաքի «Արեւելք»ի աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք, որ  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կուլկոլեան ընտրուած է Առաջնորդ։

Կը նշուի նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնող հայր սուրբը յառաջիկայ օրերուն պիտի ժամանէ Պաղտատ ստանձնելու իր պարտաւորութիւնները։

 

 Յիշեցնենք, որ Իրաքի Հայոց Թեմը երկար տարիներէ ի վեր ձեռնահասօրէն կը վարէր Տ. Աւագ արք. Ասատուտրեանը, որ նաեւ մեծ աւանդ ունեցած է Իրաքի մէջ հոգեւոր ծառայութեան համար երիտասարդներ հաւաքագրելու յոյժ կարեւոր աշխատանքին մէջ։ 

 

 Ոչ միայն այդ, Տ. Աւագ արք. Կարեւոր պաշտօններ ստանձնած է Իրաքի համաքրիստոնէական պրիսմակին մէջ հանդիսանալով Իրաքի Քրիստոնեայ համայնքներու խորհուրդի նախագահ։

 

 

 Տեղին է նշել, որ օրերս Իրաքեան Քիւրտիստանի Տըհոք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Սրբազանը պատուելու յատուկ միջոցառում, որուն մասին ալ կարճ գրառում մը կատարած է Տըհոքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը, որ մասնաւորապէս գրառած է՝ «Մեր սրտի խորքերէն երախտագիտութեան խօսք Գերշ. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանին , որ 43 երկար տարիներու ընթացքին քրիստոսաւանդ ծառայութեան մատուցեց Իրաքի Հայոց Թեմին։

 Այդ ծառայութիւնը լի էր ձեռքբերումներով, որոնցով կը հպարտանայ ամբողջ իրաքահայութիւնը։ Մեր աղօթքները կը միացնենք յանուն Սրբազան Հօր- երկար կեանք, առողջութիւն մաղթելով եւ աղօթելով, որ անոր ստուերը տեւական ըլլայ ըլլայ մեր գլխու վրայ»։