image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքի մէջ բողոքի ալիքը կը ծաւալի

Իրաքի մէջ բողոքի ալիքը կը ծաւալի

Իրաքի մէջ քաղաքական ցոյցերը կ'ընդլայնեն աշխարհագրութիւնը՝ տարածուելով նոր նահանգներու մէջ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն կը տեղեկացնէ, որ քաղաքական գործիչ Մուքթատա Սատըրի կողմնակիցներու բողոքի ցոյցերն արդէն ընդգրկած են եօթ նահանգներ, այդ շարքին՝ Պաղտատը։

Շաբաթ օր Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ ազդեցիկ քաղաքական գործիչ Մուքթատա Սատըրի կողմնակիցներու բողոքի ցոյցերը վերսկսած են: Ցուցարարները շաբթուայ մէջ արդէն երկրորդ անգամ ներխուժած են խորհրդարանի շէնք: Անոնք ներկայիս կը գտնուին խորհրդարանի շէնքին մէջ եւ պիտի շարունակեն բողոքի ցոյցը: 

Պաղտատի մէջ ցուցարարները փակած են քանի մը կամուրջներ, իսկ ցուցարարներու եւ անվտանգութեան ուժերու միջեւ բախումներ սկսած են։