image

Իրանը շուտով ռուսական Սու-35 կործանիչներ պիտի ստանայ

Իրանը շուտով ռուսական Սու-35 կործանիչներ պիտի ստանայ

Իրանի Մեճլիսի (Խորհրդարանի) Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամ Շահրիյար Հէյտարին ըսած է, որ Սու-35 կործանիչները, որոնք Իսլամական Հանրապետութիւնը գնած է Ռուսիայէն, Թեհրան պիտի մատակարարուին, ըստ իրանական օրացոյցի, յաջորդ տարուան սկիզբը, կը հաղորդէ Tasnim գործակալութիւնը։

Այսպիսով, այդ կործանիչները Իրան պէտք է հասնին 2023 թուական մարտ 21-ին։

Հէյտարին նաեւ ըսած է, որ Թեհրանը Ռուսիոյ Դաշնութենէն պատուիրած է շարք մը այլ զինամթերք եւ սարքեր, այդ շարքին՝ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր (ՀՕՊ համակարգեր), հրթիռային համակարգեր եւ ուղղաթիռներ, որոնց մեծ մասը իրանական կողմը պիտի ստանայ մօտ ապագային։

Անցեալ տարուան դեկտեմբերին իսրայէլեան i24news հեռուստաալիքը, յղում ընելով արեւմտեան աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ Ռուսիա Իրանին 24 Սու-35 կործանիչ պիտի մատակարարէ։ Ըստ այս լրատուամիջոցի՝ խօսքը օդանաւերու մասին է, որոնք ի սկզբանէ արտադրուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ Եգիպտոսի համար գործարքի ծիրէն ներս։ Այս գործարքը, հեռուստաալիքի տուեալներով, խափանուած է ԱՄՆ-ի կողմէ։