image

Իրանը շահագրգրուած է Կազի փոխադրութեան խնդրով գործակցիլ Ռուսիոյ հետ

Իրանը  շահագրգրուած է  Կազի   փոխադրութեան խնդրով  գործակցիլ Ռուսիոյ հետ

Թեհրան շահագրգռուած է Մոսկուայի հետ համագործակցութեամբ եւ պատրաստ է ռուսական կազը տեղափոխել հանրապետութեան տարածքով: Այդ մասին, ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, յայտարարած է Ռուսիոյ մօտ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալի։

«Մենք  շահագրգռուած ենք աշխատիլ Ռուսիոյ հետ։ Մենք պատրաստ ենք ռուսական կազը տեղափոխել Իրանի տարածքով»,- ըսած է ան: Ճալալին նշած է, որ 2023 թուականի վերջին Մոսկուան դարձաւ Իրանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու առաջատարը։