image

Իրանը օրինակ՝ Ատրպէյճանին. Սիմոնեան Թեհրանի մէջ հանդիպած է նախագահ Ռայիսիին

Իրանը օրինակ՝ Ատրպէյճանին. Սիմոնեան Թեհրանի մէջ հանդիպած է նախագահ Ռայիսիին

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան հարցը:

Ան ըսած է, որ Ատրպէյճանը պետական մակարդակով կ'ոչնչացնէ արժէքաւոր ժառանգութիւնը, եւ Իրանը կրնայ օրինակ ծառայել Ատրպէյճանին այս հարցով:

ԱԺ նախագահը Իրանի նախագահին ներկայացուցած է ատրպէյճանա-թրքական կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած յետպատերազմեան իրավիճակը, մարդասիրական խնդիրները եւ Լեռնային Ղարաբաղի` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան հարցը:

Հանդիպման ընթացքին կարեւորուած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ Իրանի գործադրած հետեւողական ջանքերը: