Իրանը Հայաստանը բարեկամ երկիր կը համարէ եւ մեծ նշանակութիւն կու տայ Երեւանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններուն: Այս մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին ըսած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին:
Ռայիսին ընթացող խորհրդակցութիւնները երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու խորութեան նշան անուանած է: Ան նշած է, որ Իրանի քաղաքականութիւնը կը կայանայ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան աջակցելու մէջ: «Իրանը առանձնայատուկ նշանակութիւն կու տայ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութեան պահպանման, այդ շարքին` միջազգային սահմաններուն, եւ կը յարգէ երկիրներու ազգային ինքնիշխանութիւնը»:
Անոր խօսքով` Իրանը կ'աջակցի յառաջընթացին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ: «Մենք յոյսով ենք, որ այս ոլորտին մէջ մնացեալ հարցերը կը լուծուին խաղաղ ճանապարհով եւ երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելով` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ` հաշուի առնելով բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը կովկասեան տարածաշրջանին: Իրանը խորապէս հակուած է անոր, որ տարածաշրջանի խնդիրները պէտք է լուծուին տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու համագործակցութեան, ընդհանուր շահերու եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ», նշած է ան:
Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնների ընթացքին մասին` Փաշինեանը ողջունած է Թեհրանի մէջ «3+3» ձեւաչափով գագաթաժողովի շուտափոյթ կայացումը: