Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներու անարդիւնաւէտութեան պատճառով սկսած է «տեղեկատուական ահաբեկչութիւն» օգտագործել։ «ՌԻԱ Նովոստի»ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսին։
«ԱՄՆ-ն արդէն հասկցած է, որ պատժամիջոցները չեն գործեր։ Ուստի սկսած է այլ մեթոտներ օգտագործել... տեղեկատուական ահաբեկչութիւնը գլխաւոր խնդիրն է», -ըսած է Ռայիսին Թեհրանի մէջ ընթացող Ասիոյ եւ Խաղաղ ովկիանոսի երկիրներու լրատուական գործակալութիւններու կազմակերպութեան (OANA) Գլխաւոր վեհաժողովին։
Անոր խօսքով՝ Ուաշինկթընը անկարգութիւններ կազմակերպած է Իրանի մէջ, սակայն հաշուարկը սխալ եղած է։
Իսլամական Հանրապետութեան ղեկավարը նաեւ նշած է, որ արեւմտեան աշխարհէն դուրս ուժի բազմաթիւ կեդրոններ յայտնուած են, ու բազմաբեւեռ աշխարհի կառուցումը անհնար է կասեցնել: