image
Հրատապ լուրեր:

Խաղաղութեան պայմանագրի կնքման բանակցութիւնները վճռորոշ փուլի մէջ են. Ալիեւի ներկայացուցիչ

Խաղաղութեան պայմանագրի կնքման բանակցութիւնները վճռորոշ փուլի մէջ են. Ալիեւի ներկայացուցիչ

Ատրպէյճանն ու Հայաստանը այնքան ալ հեռու չեն խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումէն։ Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկովը, յայտնած է The Guardian-ը:

«Կարեւոր է հասկնալ, որ բանակցութիւններու այս վճռորոշ փուլին, երբ մենք, ամենայն հաւանականութեամբ, այնքան ալ հեռու չենք վերջնական համաձայնութենէն, մեզի իսկապէս անհրաժեշտ են արդիւնաւէտ գործողութիւններ»,–յայտարարած է Ամիրբեկովը։

Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչը նշած է, որ Պաքուի մէջ կ՚ուզեն կողմերու միջեւ վէճերու լուծման մեխանիզմ ստեղծել: Ան պարզաբանած է, որ խօսքը յօդուածի մը մասին է, որուն մէջ կը խօսուէր ինչ-որ երկկողմ յանձնաժողովի մասին, որ անհրաժեշտ է ստեղծել համաձայնագրի բոլոր թիւրըմբռնումները կամ մեկնաբանման տարբերութիւնները վերացնելու համար:

Ամիրբեկովն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապը իրենց համար վճռորոշ նշանակութիւն ունի ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէ, այն կը դիտարկուի որպէս այլընտրանքային երթուղի Միջին միջանցքի շրջածիրէն ներս։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանն այլեւս չի կրնար ժամանակ կորսնցնել, թէեւ Հայաստանը դեռ չէ սկսած 42 քիլոմեթրանոց հատուածի տնտեսական-տեխնիկական հիմնաւորման աշխատանքը։

«Ի հարկէ, մենք չենք կրնար ստիպել Հայաստանին կատարել այն, ինչ իրենք պարտաւորուած են ընել աւելի վաղ, եւ անիմաստ է ենթադրել, որ մենք կը ներխուժենք , որ ուժով պարտադրենք։ Այդ պատճառով մենք դիմած ենք Իրանին, որ Իրանի տարածքով մեքենաներու ճանապարհի եւ երկաթուղային հաղորդակցութեան ձեւաւորման համար»,-ըսած է ան։

Ներկայացուցչի խօսքով՝ այլընտրանքային ճանապարհի գոյութիւնը կրնայ ստիպել Հայաստանին գիտակցիլ, թէ որքան կրնան կորսնցնել անոնք՝ շարունակելով դիմադրել այն երթուղիին, որ կրնայ անցնիլ իր տարածքով: