image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ տասնեակ ուժայիններ ձերբակալուած են.Պատճառը Հանիյաի սպանութեան գործն է

Իրանի մէջ տասնեակ ուժայիններ ձերբակալուած են.Պատճառը Հանիյաի  սպանութեան գործն է

Իրանի մէջ անվտանգութեան ոլորտի տասնեակ աշխատակիցներ ձերբակալուած են «Համաս»-ի քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան հետաքննութեան շրջածիրէն ներս, որոնց շարքին են հետախուզութեան բարձրաստիճան սպաներ եւ զինուորական պաշտօնեաներ։ Այս մասին յայտնած է New York Times թերթը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն:

Աւելի վաղ Telegraph պարբերականը, յղում ընելով Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի աշխատակիցներուն, որոնց անունը չէ նշուած, յայտարարած էր, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան համար պայթուցիկը դրած են Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի իրանցի գործակալները՝ Իսրայէլի հետախուզական ծառայութեան՝ «Մոսատ»-ի առաջադրանքով: Պարբերականի հաղորդմամբ՝ իրանեան յատուկ ծառայութիւններու համար միջադէպը «նվաստացում եւ անվտանգութեան մէջ հսկայական ճեղք» դարձած է։

«Իրանի մէջ աւելի քան երկու տասնեակ մարդ ձերբակալուած է, որոնց շարքին՝ հետախուզութեան բարձրաստիճան սպաներ, զինուորական պաշտօնեաներ եւ Թեհրանի՝ զինուորականներու պաշտպանութեան տակ գտնուող հիւրատան (ուր զոհուած է «Համաս»-ի քաղբիւրոյի ղեկավար Հանիյէն) հաստիքային աշխատողներ»,-ըսուած է New York Times-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ յարձակումէն անմիջապես ետք իրանեան անվտանգութեան գործակալները մեկուսացուցած են Թեհրանի հիւրատան բոլոր աշխատակիցները եւ անոնցմէ առգրաւած բոլոր ելեկտրոնային սարքերը, այդ շարքին՝ բջիջային հեռախօսները: Գործակալները նաեւ հարցաքննած են հետախուզութեան բարձրաստիճան սպաները եւ զինուորականները, որոնք պատասխանատու են Թեհրանի անվտանգութեան ապահովման համար:

Ըստ հրապարակման՝ Իրանի յատուկ ծառայութիւնները կը կարծեն, որ «Մոսատի» վարձած գործակալները դեռ երկրին մէջ են, ներկայիս նպատակը զանոնք ձերբակալելն է: