image

Իրանի մէջ այսօր լռութեան օր է․ նախագահի երկու թեկնածու հրաժարած է ընտրապայքարէն

Իրանի մէջ այսօր լռութեան օր է․ նախագահի երկու թեկնածու հրաժարած է ընտրապայքարէն

Իրանի մէջ նախագահի ընտրութենէն առաջ այսօր լռութեան օր է։

Լրատուամիջոցներու տուեալով՝ Իրանի փոխնախագահ Ամիր Հոսէյն Ղազիզատէ Հաշեմին եւ Թեհրանի քաղաքապետ Ալիռեզա Զաքանին հրաժարած են ընտրապայքարէն։

Իրանի մէջ նախագահի արտահերթ ընտրութիւնը նշանակուած է յունիս 28-ին: Ընտրապայքարին մասնակցելու համար փաստաթուղթեր ներկայացուցած 80 թեկնածուէն Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդն ընտրած է միայն 6-ը, որոնցմէ երկուքն արդէն հրաժարած է պայքարէն: