image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ. Ահաբեկչական պայթումներուն զոհ գացած է շուրջ 200 մարդ

Իրանի մէջ. Ահաբեկչական պայթումներուն զոհ գացած է շուրջ 200 մարդ

Քերման քաղաքին մէջ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի նախկին հրամանատար, զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի մահուան տարելիցի կապակցութեամբ սգոյ երթերու ժամանակ տեղի ունեցած պայթումներու զոհերու թիւը հասած է 188-ի, յայտնած է Fars գործակալութիւնը:

Աւելի վաղ իրանեան IRNA գործակալութիւնը յայտնած էր Իրանի Քերման քաղաքին մէջ տեղի ունեցած երկու պայթումի մասին, որու հետեւանքով զոհուած է 103, վիրաւորուած 141 մարդ։ 

Պայթումը տեղի ունեցած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի գերեզմանի մօտ՝ անոր սպանութեան 4-րդ տարելիցի օրը կայացած արարողութեան ժամանակ։

Իրանական իշխանութիւնները տեղի ունեցածն ահաբեկչութիւն որակած են՝ չյստակեցնելով, թէ որոնք կրնան կանգնած ըլլալ յարձակումներու ետին:

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի ղեկավար, Իրանի առանցքային զօրահրամանատարներէն զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանին եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան զինուորականները սպանուած էին 2020-ի յունուար 3-ին Պաղտատի միջազգային օդակայանի մերձակայքը Միացեալ Նահանգներու իրականացուցած յատուկ գործողութեան հետևանքով: