image

Իրանի «Կարմիր գիծեր»ը

Իրանի «Կարմիր գիծեր»ը

Տարածաշրջանի սահմաններու փոփոխութիւնը մեզի համար կարմիր գիծ է։

Այս մասին իր X հարթակին գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճին։

«Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը սոսկ նախապատուութիւն չեն, այլ մեր ազգային անվտանգութեան հիմքն են։

Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն ցանկացած սպառնալիք մեր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութեան կամ սահմաններու վերագծումը բացարձակապէս անընդունելի է եւ կարմիր գիծ Իրանի համար»,- գրած է ան: