Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին, արձագանգելով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեանն առ այն, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիները պէտք է խուսափին Իրան այցելելէ, Թուիթըրի էջին գրած է.
«Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները զգուշացուցած է չայցելել Իրան: Սա այն քաղաքականութիւնն է, որ Իսրայէլի նախագահը որդեգրած էր իր՝ Պաքու այցի ժամանակ: Ատրպէյճանի քաղաքացիները պէտք է վախնան Իսրայէլէն, ոչ թէ քաղաքակիրթ ու իսլամական Իրանէն: Մեր քաղաքականութիւնը կը շարունակէ յենիլ վիզային ռեժիմի չեղարկման եւ Ատրպէյճանի քոյրերն ու եղբայրները գրկաբաց ընդունելու վրայ: Հարեւանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը մեր առաջնահերթ խնդիրն է, ի հարկէ, փոխադարձ յարգանքի եւ հարեւանութեան սկզբունքներու նկատմամբ յարգանքի շրջագիծէն ներս»: