image

Ինքնախաբէութիւն եւ ...Մասամբ նորին

 Ինքնախաբէութիւն եւ ...Մասամբ  նորին

(«ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՏԷՐԸ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ... »)

 

  Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եօթ մահացու մեղքեր սահմանած է մահկանացուներուս համար: Ան կը զգուշացնէ չսայթաքիլ եօթ մոլութիւններու մէջ.- հպարտութիւն, նախանձ, բարկութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ բղջախոհութիւն:

  Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս, եբր Տանն Կիլիկիոյ հայրապետն էր, այդ մեղքերուն աւելցուց անտարբերութիւնը: Ի հարկէ, ան նկատի ունէր հայ մարդուն մէջ հետզհետէ արմատակալող անտարբերութիւնը ազգային, հայրենական կամ հոգեւոր եղելութեանց հանդէպ: Իսկ նկատարժան եւ կարծեմ շատ տեղին մեղք մըն ալ աւելցուցած է հանգուցեալ գրող Արամ Սեփեթճեան իր 1985-ին հրատարակած «Ես Սեւ Եմ... Բայց Գեղեցիկ» վիպակին մէջ. ուրեմն՝ էջ 145-ին վրայ կը կարդանք՝ «Ես կը զարմանամ որ ինքնախաբէութիւնը ուղղակիօրէն նկատի չէ առնուած իբրեւ մէկը մեր մահացու մեղքերէն»: 

  Վերջին ամիսներուն, ակնյայտօրէն, գլխիվայր շրջուած է հայ կեանքը: Կարելի է ըսել, ջուրի երես ելած է այնպիսի զարհուրելի իրականութիւններ, որոնք ամիսներ առաջ երեւակայելն անգամ գայթակղութիւն պիտի նկատուէր: Անհանդուրժողականութեան, գռեհկաբանութեան, այլամերժութեան, օդային հայրենասիրութեան եւ նմանատիպ երեւոյթներ կարծէք հաստատեցին, թէ ցարդ ապրած ենք երեւակայական աշխարհի մը մէջ՝ տարուած ինքնագովութեամբ, մեղրաթաթախ ինքնասիրահարուածութեամբ եւ անկոպար ինքնախաբէութեամբ: Այսօր, նախկին լոզունգները յիշելով, դառնօրէն կը ծիծաղինք, քանզի առերեսուեցանք ճշմարտութիւններու հետ: Իրերը պարզուեցան այնպէս՝ ինչպէս որ են:

  Անոնցմէ մին գործնապաշտ հայրենասիրութիւնն է, հայրենիքի ստոյգ հասցէն է: Ի՜նչեր սորվեցանք մօտիկ անցեալին եւ ո՞ւր հասանք: Եւ այս մտորումին շարժառիթը, պարզապէս պտոյտ մըն էր լուսանկարներու ընդմէջէն:

  Կը թերթեմ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան փորեղ յուշամատեանը: Անշուշտ լուսանկարներով հարուստ մատեանը տարուէ տարի կը ներկայացնէ շրջանաւարտներուն խմբային լուսանկարները եւ ապա թերաւարտներուն երկար ցանկը: 75 տարիներու պատմութիւն մը ամփոփուած է հոն՝ մի քանի հազար անուններով՝ աշակերտներ ուսուցիչներ ու պաշտօնեաներ: Ո՞ւր են անոնք, ո՞ւր հասան, Հայաստանի ո՞ր վայրը կը բնակին արդեօք: Ինքնախաբէութիւն մը ահաւասիկ:

  Խօսքը տանք նորոգ հանգուցեալ, գրող, անուանի մելգոնեանցի Թորոս Թորանեանի դառնալեղի խոհերուն: Արդարեւ, ան ԱՄՆ-ի մէջ մելգոնեանցիներու բազմամարդ հաւաքի մը ներկայ գտնուելով, այդ հանդիպումին կարօտի եւ բերկրանքի պահեր ապրելէ յետոյ կը գրէ. «Բայց... «ուրախութեան» մէջ տխուր պահը.- Մելգոնեան եղբայրները դպրոցը Կիպրոսի մէջ հաստատելով ի՞նչ ծրագրած էին... Ամերիկեան քաղաքացինե՞ր պատրաստել վասն... բռնագրաւուած Հայաստանի...». ապա՝ «Քանի՜ մելգոնեանցիներ այսօր կ'ապրին Միացեալ Նահանգներու մէջ, մօտաւորապէս հազար հոգի: Մելգոնեանը զիրենք պատրաստած էր Հայաստանի համար: Պայմանները զիրենք Ամերիկա նետեցին: Ոմանք պիտի չբաժնեն տեսակէտս, գիտեմ, սակայն իրողութիւնը այս է: Չէ՞ որ մեզի ըսած էին՝ «Ծառը արմատով է ծառ, տունը հիմամբ է տուն»: Սփիւռքի տարածքին մենք տուն չունինք: Մեր ունեցածը բնակարան կրնայ կոչուիլ: Տունը ՀՈՂԻՆ վրայ կ'ըլլայ» («Մելգոնեանցիներու Աշխարհը», Պէյրութ, 2013, էջ 80 եւ 95):

 

Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի հիմնարկէքը յատկանշուեցաւ անով, որ անոր հիմնաքարը խորհրդանշօրէն բերուեցաւ Հայաստանէն. հայրենական տուֆ քարն էր այդ, որպէս հիմքը դպրոցին հայրենասիրութեան, շօշափելի ապացոյցը անոր ոգիին ու հայրենիքի հետ պինդ կապին: Դպրոցաշէնքը ամուր էր հայրենիքիով: 

  Հետաքրքրական էր, որ դէպի տնօրէնին գրասենեակը առաջնորդող միջանցքի պատին, քով քովի կախուած էին հերթական տարիներու շրջանաւարտներուն խմբային լուսանկարները: Տարէցտարի սերունդներ եկած անցած էին անոր լուսաւոր դասարաններէն: Միշտ սեւեռաբիբ կը նայէի անոնց եւ յուզախառն տրամադրութեամբ ինքզինքիս հարց կու տայի, արդեօք տուֆ քարը քանի՞ներ առաջնորդեց դէպի Հայաստան. քանի՞ շրջանաւարտ ուղղուեցաւ դէպի հայրենի հող: Ահա, մեր աւարտական հունձքը՝ 1983-ին: Սահակեանի 60-ամեակին փայլուն բերքը: 23 շրջանաւարտներ: Դարձեալ տխրութիւնը կը համակէ զիս, ունենալով հետեւեալ պատկերը. միայն մէկ դասընկերուհի դէպի Հայաստան (Մարօ). մեծամասնութիւնը Լիբանանէն դուրս՝ Գանատա (Գօգօ, Վիգէն, Գէորգ, Անի, Ծովիկ, Թագուհի), ԱՄՆ՝ (Լենա, Վերա, Մարօ, Գոհար, Սեդա), Շուէտ (Սիլվա), Արաբ. Ծոց (Վարուժ) եւ Կիպրոս (Աւօ): Մնացեալ ութը՝ Լիբանան (Անի, Պայծառ, Կարինէ, Սոնա, Օսան, Լենա, Գլոտին, Լուսի): Ուրեմն դպրոցին հիմքին տեղադրուած տուֆ քարն ալ չկրցաւ մեզի առաջնորդել դէպի հայրենիք: Ինքնախաբէութիւն մը եւս...

  Խորհրդային տարիներուն գեղեցիկ աւանդութիւն մը կար: Համալսարանէն շրջանաւարտ լսարանը կը պատրաստէր խաւաքարտէ մի քանի էջանի ալպոմ մը, ուր զետեղուած կ'ըլլային շրջանաւարտներուն եւ հիմնական դասախօսներուն լուսանկարները: Փայփայելի յիշատակ մը արդարեւ: Յուշեր պարփակող նկարափունջ մը անկրկնելի: 1990-ին ես ալ բախտը ունեցայ ունենալ նման ալպոմ, զորս կը կոչէին «վինետկա»: Ահա կը նայիմ նկարները: Օ՜, աւելի ծանր ինքնախաբէութիւն...: Գորիսցի մեր դասընկեր Արմէն Յարութիւնեանը հաստատուած Ռուսաստան եւ պատմաբանը դարձած մեծ պիզնէսմէն: 1999-ին երբ Գորիս գացի, անակնկալօրէն իրենց տան դուռը թակեցի՝ զարմացնելու համար Արմէնը: Ափսոս, մայրը հաղորդեց որ Արմէնը եւ եղբայրը հաստատուած են Ռուսաստան: Հարստացած է այժմ եւ զաւակը հայերէնէն անգիտակ եւ հարսը ռուս մը ի հարկէ: Ջաւախքցի Մխիթար Գալոյեանը նոյնպէս: Արյտուշ Ուզունեանը դարձեալ, բայց շատ կը ցաւի, որ զաւակները հայերէն չեն գիտեր, կինն ալ ռուս: Գասպար Պետրոսեանը՝ (Երեւանէն) Սպանիա, որ ռուսերէնով պատմագիտական գիրք մըն ալ գրեց: Ան Պարսելոնայի մէջ հեղինակութիւն է, սպանահայութեան համայնքային ղեկավարներէն: Հապա ԱՄՆ հաստատուածները՝ Նելլի Աբգարեան (Արտաշատէն), Արգինա Մանուկեան (Թալինէն) եւ... դասընկերուհի մը՝ Կարինէ Յարութիւնեան, խոշոր ու շլացուցիչ սեւ աչքերով, որ շլացուցած էր զիս մի քանի տարի, ամէն Երեւան երթալուս կը փնտռէի զինք ջանադրօրէն եւ Դիմատետրէն օր մը հետս կը կապուի՝ հաղորդելով որ ԱՄՆ հաստատուած է արդէն մի քանի տարիներ առաջ: Ուրեմն՝ մեր հայեացքները որոնք ինքնախաբէութեամբ ուղղուած էին Հայաստան, կը վերաբերէր նաեւ հայրենի հողին վրայ ապրողներուն...:

  Կը կապուիմ սիսիանցի դասընկերուհիիս՝ Քրեմլինա Իսրայէլեանի հետ, որ հաստատուած է Երեւան եւ ցաւալիօրէն կը յայտնէ թէ պատերազմէն ետք շատեր կը լքեն հայրենիքը, կը ճողոպրին տարբեր վայրեր: Երբ հարց կու տամ արդեօք այս ընթացքով օտարներ չե՞ն հաստատուիր հոն՝ մեր փոխարէն, ան կը յաւելու՝ այո, կողքի բարձրայարկ շէնքերուն վրայ շինարարական գործով կ'աշխատին պարսիկ, հնդիկ, փաքիստանցի բանուորներ: Ուրեմն, հայը Սիպերիա, Սախալին, Սամարա պիտի հասնի օտարներու երկիրը սարքելու եւ Հայաստանի մէջ գործ չկայ ըսելով, անդին օտարներ պիտի գան Հայաստան եւ պիտի կառուցեն մեր երկիրը: Ի՜նչ դաժան ինքնախաբէութիւն:

  2014-ին երբ Երեւան գացի, դասընկերս Արմէն Քեշիշեան զիս ծանօթացուց պատմաբան, մեզմէ մէկ դասարան փոքր Արմէն Մելիտոնեանին հետ, ըսելով որ միասին կ'աշխատին հայրենական մշակոյթին պահապան միաւորի մը մէջ. ան հաստատեց՝ «Արմէնը հայրենասէր ընկեր է, հողին եւ մշակոյթին կապուած». փառք Տիրոջ, ուրախացայ:

  2015-ին դարձեալ տեսակցեցայ Արմէն Քեշիշեանին հետ եւ բնականաբար հարցուցի միւս Արմէնին մասին եւ տեսնուելու հնարաւորութեան մը շուրջ. պատասախանեց՝ «Արմէնը մեկնեց ԱՄՆ, փասթայաննի հաստատուեց Ամերիկայում: Վիճակագրութեամբ (լոթերի) «կրին քարթ» էին շահել եւ կինը պնդում էր որ գնան Ամերիկա, ու գնացին»: Ուստի, Երեւան չէր նաեւ «հայրենասէր» Արմէնը...:

  Վերջերս, տարածուած կարգախօս մը կը կրկնուի յաճախ՝ «Մե՛նք ենք տէրը մեր երկրին»:

  Ինքնախաբէութիւն: Իրօ՞ք «Մ՞ենք ենք տէրը մեր երկրին». ոչ, քաջաբար ըսէք եւ առանց կեղծ շպարներու խոստովանեցէք՝ մենք չենք տէրը մեր երկրին... այլապէս՝ հայրենիքի ներկան ու ապագան տարբեր կ'ըլլար անտարակոյս:

  Մեղա՜յ, մեղա՜յ ինքնախաբէութեան...:

 

Աւետիս Ռազմիկ   

 

Աւետիս Ռազմիկ

Աւետիս Ռազմիկ

Ծնած եմ 15 Մարտ 1965-ին Պէյրութ: Հօրենական կո...