ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն մտադիր չէ ամերիկեան զօրքեր ուղարկել Ռուսաստանի կողմէ Ուքրանիա «ներխուժման» պարագային՝ վերջինիս առաջ պարտաւորուածութեան մասին պայմանագրի բացակայութեան պատճառով: Այս մասին Associated Press-ի իր յօդուածին մէջ գրած է վերլուծաբան Ռոպերթ Պերնսը:
Անոր խոսքով՝ Ուաշինկթընի հակամարտութեան մէջ մտնելը Մոսկուայի հետ «ահռելի մեծ խաղ» պիտի դառնար: «Այդ պատերազմը կրնայ տարածուիլ ամբողջ Եւրոպայի վրա, յանգեցնել տարածաշրջանի ապակայունացման եւ վերաճիլ փոխադարձ միջուկային հարուածներու», կարծիք յայտնած է սիւնակագիրը:
Ճօ Պայտընը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ եթէ Ռուսաստանը ներխուժէ Ուքրանիա, ԱՄՆ-ի եւ դաշնակիցներուն արձագանգը պիտի ըլլայ «դաժան եւ արագ»:
Քրեմլի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Ռուսաստանը իր զօրքերը կը տեղաշարժէ իր երկրի սահմաններուն եւ իր հայեցողութեամբ: Անոր խօսքով՝ այդ ոչ ոքի կը սպառնայ եւ ոչ ոքի պէտք է յուզէ: