image

Ինչո՞ւ 1992-ին փակեցինք Հայաստանի հետ սահմանը. Էրտողանի մամլոյ քարտուղար

Ինչո՞ւ 1992-ին փակեցինք Հայաստանի հետ սահմանը. Էրտողանի մամլոյ քարտուղար

Ղարաբաղեան խնդիրը լուծուած է թուրք-ատրպէյճանական միութեան կողմէ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Իպրահիմ Քալըն:

«Ինչո՞ւ մենք փակեցինք Հայաստանի հետ սահմանը 1992 թուականին. Ղարաբաղի բռնագրաւման հետ կապուած: Հիմա պայմանները փոխուած են: Ատրպէյճանն ու Թուրքիան միաւորուած են, Ղարաբաղը ազատագրուած է, եւ մենք սկսած ենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Խնդիրը լուծուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միասնութեամբ», ըսած է Էրտողանի խօսնակը:

Քալըն խօսած է նաեւ Երեւանի հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն մասին. «Ներկայիս մենք կ'անցնինք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու արագ կարգաւորման գործընթացով: Մենք պէտք է լուծենք խնդիրները եւ յառաջ շարժինք», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարի խօսնակը: