Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռոսիա 1» հեռուստաալիքի «Մոսկուա. Քրեմլ. Փութին» հաղորդման ժամանակ լրագրող Պաւել Զարուպինին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ աշխատանքային օրը կը սկսի եւ կ'աւարտի Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան վերաբերեալ հարցերով։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Ի հարկէ, ես առաջնահերթ ուշադրութիւն կը դարձնեմ, օր կը սկսի եւ կ'աւարտի ատով»,-ըսած է պետութեան ղեկավարը։
Անոր խօսքով`խօսքը հանդիպումներու եւ հեռախօսային քննարկումներու մասին է։
Նախագահը նաեւ նշած է, որ զէնքի արտադրութեան հետ կապուած հարցերն անընդհատ կը քննարկէ ռազմարդիւնաբերական համալիրի ձեռնարկութիւններու ու ընկերութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ այդ զէնքն օգտագործողներու հետ։
«Մենք կը խօսինք ատոնց արդիւնաւէտութեան մասին, մենք կը խօսինք այն մասին, թէ ուրիշ ուր եւ ինչի վրայ պէտք է աշխատիլ, ուր եւ ինչը կը պակսի, մենք կը խօսինք այն մասին, թէ ինչպէս, ինչ ձեւերով, ինչ քայլերով, ինչ արագութեամբ պէտք է աւելցնենք ջանքերը»,-աւելցուցած է Վլատիմիր Փութին։
Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ արտադրութեան ծաւալներու աւելացումը պէտք չէ ըլլայ քաղաքացիներու հանդէպ առողջապահութեան, շինարարութեան, կրթութեան ոլորտներու մէջ ընկերային պարտաւորութիւններու հաշուոյն։
«Ամէն ինչ պէտք է, այսպէս ըսած, ներդաշնակ ըլլայ իրար հետ, այդ շարքին՝ պաշտպանունակութեան բարձրացման ոլորտի մէջ մեր ջանքերը պէտք չէ վնասեն գլխաւորը, իսկ գլխաւորը հիմքն է, իսկ հիմքը տնտեսութիւնն է»,-ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը։