image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ պայմաններու տակ կը դադրեցնենք կրակը. Լաւրով նշած է կարեւորագոյն պայմանը

Ինչ պայմաններու տակ կը դադրեցնենք կրակը. Լաւրով նշած է կարեւորագոյն պայմանը

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յատուկ գործողութիւնները կ'աւարտին համապարփակ փաստաթուղթերու ստորագրութեամբ, որ կը ներառէ Ուքրանիոյ չէզոք կարգավիճակի եւ անվտանգութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ  «Ռուսերէն լեզուի» օրէնքի մասին հարցը։ ՌԴ-ի Արտաքին գործոց նախարարի  խօսքը հաղորդած է ԹԱՍՍ։

«Մեր գործողութիւնները Ուքրանիոյ մէջ կ'աւարտին համապարփակ փաստաթուղթի ստորագրումէն յետոյ, որ կը ներառէ  անվտանգութեան հարցերը, Ուքրանիոյ չէզոք կարգավիճակ տալու հարցը՝  անվտանգութեան երաշխիքներով  եւ, ի հարկէ,  օրէնսդրական դաշտ բերելով ռուսերէն լեզուի, ռուսերէն կրթութեան եւ ռուսական լրատուամիջոցներու հարցը»,- ըսած է Լաւրով։

Լաւրով նաեւ աւելցուցած է, որ կը զգայ, թէ ինչպէս Ուաշինկթըն ճնշում կը գործադրէ ուքրանական պատուիրակութեան վրայ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններուն։

«Զելենսքին առաջարկած է բանակցութիւններ վարել, մեր նախագահը համաձայնած է: Ամենայն հաւանականութեամբ, ամերիկացիները թոյլ չեն տար համաձայնելու մեր պահանջներուն, որոնք ես նուազագոյնը կը համարեմ։ Այնուամենայնիւ, գործընթացը դեռ կը շարունակուի»,- ըսած է նախարարը։