image

Իլոն Մասքն ուղերձ յղած է Երեւանի մէջ կայացած WCIT2024-ի մասնակիցներուն եւ խօսած Starlink-ը Հայաստան բերելու մասին

Իլոն Մասքն ուղերձ յղած է Երեւանի մէջ կայացած WCIT2024-ի մասնակիցներուն եւ խօսած Starlink-ը Հայաստան բերելու մասին

Tesla-ի, SpaceX-ի, OpenAI-ի համահիմնադիր Իլոն Մասքը յատուկ ուղերձ յղած է Երեւանի մէջ կայացած Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու համաշխարհային քոնկրեսի (WCIT2024) մասնակիցներուն:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ուղերձը հնչեցուցա է Viki, Pixel Labs, ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ ֆութպոլիսթ Լիոնել Մեսսիին պատկանող Play Time Ventures ներդրումային ընկերութեան գործադիր տնօրէն, Սիլիքոնեան հովիտի ձեռնարկատէր Ռազմիկ Յովակիմեանը: 

«Կ՚ողջունեմ բոլորդ: Կը ցաւիմ, որ այս անգամ չկրցայ Երեւան գտնուիլ, բայց յոյսով եմ յաջորդ անգամ անձամբ ներկայ կը գտնուիմ: Ոգեւորուած եմ Starlink-ը Հայաստան բերելու եւ տեղի արհեստագիտական համայնքի հետ հիանալի նախագիծեր իրականացնելու գաղափարով`տիեզերքի ուսումնասիրութենէն մինչեւ բաց ու թափանցիկ Արհեստական բանականութեան զարգացում, որ աւելի շատ պիտի ընդլայնէ մարդկային ճանաչողութեան սահմանները»,-ըսուած է Իլոն Մասքի ուղերձին մէջ: 

Հայաստանը WCIT-ն հիւրընկալած էր երկրորդ անգամ, առաջինը կայացած է 2019 թուականին: WCIT2024-ը տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 4-7-ը Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ «ՄՏՔԻ ՈՒԺԸ. Արհեստական բանականութիւն՝ սահմաններից այն կողմ՝ էթիկայի շրջանակներում» խորագրով: