image

Ի՞նչ կը կատարուի Հասիչէի մէջ. «Տահէշ»էն նոր վտա՞նգ (Տեսանիւթ)

Ի՞նչ կը կատարուի  Հասիչէի  մէջ. «Տահէշ»էն նոր վտա՞նգ (Տեսանիւթ)

Կարեւոր զարգացումներ տեղի կունենան Սուրիոյ հիւսիսային «Հասիչէ» քաղաքին մէջ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ՝ «Ալ Մայատին» կայանէն։

Կը նշուի, որ «Տահէշ»ի զինեալներու գլխաւոր «Ալ Սինահա» անունով յայտնի բանտը  (Բանտին մէջ  կան «Տահէշ»ին   անդամակցած 3000  բանտարկեալներ)  երէկ գրոհի ենթարկուած էր, որուն հետեւանքով ալ «Իսլամական պետութեան» տասնեակ զինեալներ յաջողած էին խոյս տալ բանտէն։

 

Լսելի դարձած էին երկու պայթումներ  (Տեսանիւթը տեսնել ՝ներքեւը) եւ քաղաքին մէջ լարուած իրավիճակ ստեղծուած էր։Այսօր ամբողջ օրը «Քաստ»ի (քրտական զինեալ միաւորում) զինեալներ որոնման աշխատանքներ տարած էին գտնելու համար «Տահէշ»ի խոյս տուած զինեալները։ Մինչ այս զարգացումները տեղի կ՚ունենային թրքական ուժերը ի պատասխան Քրտական ուժերու հարուածներուն ռմբակոծած էին քիւրտերու տիրապետութեան տակ եղող Թալ Ռիֆհաթը։

 Աւելի վաղ քրտական ուժերը Աֆրինը հարուածած էին, եւ պատճառած տասնեակ զոհեր յիշատակելու համար Աֆրինի գրաւումը թրքական ուժերուն կողմէ, որ տեղի ունեցած էր 2018 թուականին։

Ի դէպ 2019 թուականէն ի վեր այս առաջին անգամն է, որ «Իսլամական պետութեան» զինեալներ դարձեալ «ջուրի երես» կ՚ելլեն եւ կայ վարկած, ըստ որուն, սուրիական պատերազմին մէջ տարբեր առումներով դեր ունեցող կողմեր ջատագով են, որ «Տահէշ» ինչ որ դերով վերադառնայ սուրիական տեսադաշտ։