image

ՀՅԴ Երիտասարդներ «Դաւաճան» վանկարկելով դիմաւորած են Սինանեանը. Ան ստիպուած եղած է լքել դահլիճը (Տեսանիւթ)

    ՀՅԴ Երիտասարդներ «Դաւաճան» վանկարկելով դիմաւորած են Սինանեանը. Ան ստիպուած եղած է լքել դահլիճը (Տեսանիւթ)

Ինչպէս տարածուած տեսանիւթերուն մէջ ալ կ՚երեւի ստեղծուած է բախումի մթնոլորտ, որուն հետեւանքով ալ Սինանեան ստիպուած եղած է գլխիկոր մեկնիլ եւ այդպիսով չեղեալ համարել իր հետ նախատեսուած հանդիպումը։

Մեծ թիւով ՀՅԴ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գործող վարչակարգին ընդդիմադիր հանդիսացող հայրենակիցներ բողոքի գործողութիւն մը կատարելով տապալած են Սփիւռքի յանձնակատարին հետ նախատեսուած հանդիպումը։

 Դէպքը եղած է ԱՄՆ ժամով երէկ երեկոյեան ժամը 19:00-ին «Հոլիւուտ» շրջանին մէջ, երբ Սինանեան հասած է նախատեսուած պանդոկ եւ դիմաւորուած է ժխտական գոչիւններով։ 

Երիտասրդները սկսած են վանկարկել «Նիկոլ դաւաճան», «Արցախը   հայկական է, Նիկոլը դաւաճան է», ինչպէս նաեւ «Զարեհ դաւաճան» բառերը, որմէ ետք լարուած մթնոլորտ տիրած է սրահէն ներս։ 

Կը նշուի նաեւ, որ հանդիպումը կազակերպուած էր «Սփիւռքի միասնութեան հարթակ» անունով միութեան մը կողմէ, որուն անդամները փորձած են զսպել երիտասարդ զանգուած սակայն չեն յաջողած։ 

Ինչպէս տարածուած տեսանիւթերուն մէջ ալ կ՚երեւի ստեղծուած է բախումի մթնոլորտ, որուն հետեւանքով ալ Սինանեան ստիպուած եղած է գլխիկոր մեկնիլ եւ այդպիսով չեղեալ համարել իր հետ նախատեսուած հանդիպումը։

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Սինեան օրերս կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ եւ ան կը փորձէ հանդիպումներ ունենալ հայաշատ քաղաքներու հայ հասարակութեան հետ։