image

«Հուսիներ»ը հարուածած է «Շապուա»ն. Կան իմարաթցի զոհեր (Նախնական)

 «Հուսիներ»ը հարուածած է «Շապուա»ն. Կան իմարաթցի զոհեր (Նախնական)

Եէմէնի բանակի մամլոյ խօսնակ Եիհիա Սարիհ այսօր առաւօտ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է, որ «Հուսի» զինեալները հարուածած են Եէմէնի «Շապուա» քաղաքը։

 Ըստ բանբերին թիրախ դարձած է Իմարաթեան բանակի զինուորական կէտ մը, ուր արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ։

 

 Ըստ Սարիհի   Շապուան  հարուածած  են  օգտագործելով պալիսթեան հրթիռ մը։

Նշենք, որ տուեալները նախնախան են եւ Իմարաթեան կողմը մինչեւ այս պահը ոչ մէկ տեղեկութիւն տարածած է եղածին վերաբերեալ։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթներուն «Հուսի» զինեալներ սկսած են սպառնալից ոճով խօսիլ Իմարաթի իշխանութիւններուն հետ վստահեցնելով, որ եթէ Իմարաթ դուրս չգայ Եէմէնի պայքարէն, ապա իրենք պիտի շարունակեն հարուածի տակ պահել Իմարաթի շահերն ու քաղաքները։