image

12 Հոկտեմբերին ՄԱԿ-ը պիտի քննէ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ հայցը

12 Հոկտեմբերին ՄԱԿ-ը պիտի քննէ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ հայցը

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հոկտեմբեր 12-ին լսումներ նշանակած է Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի դէմ հայցի վերաբերեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի պատճառով՝ Ցեղային խտրականութեան մասին համաձայնագրի համաձայն, ըսուած է դատարանի հաղորդագրութեան մէջ։

Հայաստանն աւելի վաղ Արդարադատութեան միջազգային դատարան ընդդէմ Ատրպէյճանի հայց ներկայացուցած էր Ցեղային խտրականութեան մասին համաձայնագրի համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կապակցութեամբ՝ կոչ ընելով դատարանին ժամանակաւոր միջոցներ ձեռնարկելու Պաքուի դէմ։

«Արդարադատութեան միջազգային դատարանը՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր դատական ​​մարմինը, Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագրի կիրառման վերաբերեալ հանրային լսումներ պիտի կայացնէ (Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի) հինգշաբթի՝ 12 հոկտեմբեր, 2023-ին, Հաագայի Խաղաղութեան պալատին մէջ»,-ըսուած է դատարանի կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Կը հաղորդուի, որ լսումները նուիրուած պիտի ըլլան Պաքուի դէմ ժամանակաւոր միջոցներ ձեռնարկելու մասին՝ Երեւանի խնդրանքին։