Լիբանան- Ի տէր հանգեալ Տ. Ներսէս- Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքի վախճանման քառասունքին առթիւ, երէկ Պէյրութի Էշրէֆիյէ շրջանին մէջ գտնուող Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Կուսին Աւետման տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Նշենք, որ արարողութեան հանդիսպետած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Կաթողիկէ նախկին առաջնորդ Տ. Մանուէլ Եպս. Պաթաքեան: Յաւուր պատշաճի խօսքով հանդէս եկած է Սուրբ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան: Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան իր խօսքին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձած է վախճանեալ Պատրիարք հօր եկեղեցական կեանքի տարբեր հանգրուաններուն եւ վեր առած անոր ազգային- քրիստոնէական բարձր արժանիքները: Նշենք, որ Պատրիարք հօր վախճանումէն ետք Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը, անցնող Յուլիս ամսուան աւարտին Զմմառու պատմակերտ վանքէն ներս դռնփակ նիստեր գումարելով Տ. Գրիգոր- Պետրոս Ի. Կապրոյեանը ընտրած էր, որպէս Կաթողիկոս Պատրիարք Հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռին: