image
Հրատապ լուրեր:

Հռոմի Պապին կոչը ՝ աշխարհին «Ոչ ըսենք պատերազմին, ոչ ըսենք զինումին»

Հռոմի Պապին  կոչը ՝ աշխարհին «Ոչ ըսենք պատերազմին, ոչ ըսենք զինումին»

«Ռատիօ Վատիկան»ի  հայկական ծառայութեան գլխաւոր խմբագիր` Ռոպէր Աթթարեան կը գրէ՝

2023ի «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Խաղաղութեան համաշխարհային 56րդ օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս դատապարտեց պատերազմները ու զինումները, կոչ ընելով` որ կենսամիջոցները յատկացուին զարգացումին` առողջութեան, սնունդի, դաստիարակութեան ու աշխատանքին։

Քահանայապետը ողջոյնի խօսքը սկսաւ բոլոր ներկաներուն եւ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն փոխանցելով նոր տարուայ համար լաւագոյն մաղթանքներ, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային ու Վարչապետին։

«Այս օրուան առթիւ, որ Սուրբ Պօղոս Զ ուզեց նուիրել աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան, աւելի ուժեղ կը զգանք, պատերազմին անհանդուրժելի հակադրութիւնը, որ Ուքրանիոյ եւ աշխարհի այլ տարածաշրջաններուն մէջ կը սերմանէ մահ եւ կործանում» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով չի կորսնցնել յոյսը, որովհետեւ «կը հաւատանք Աստուծոյ, որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ մեզի բացաւ խաղաղութեան ճանապարհը»։

Սրբազան Պապը հուսկ հաստատեց, որ համավարակին փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին եւ թէ միասին մենք կարող ենք քալել խաղաղութեան ու զարգացումի արահետներուն վրայ։

«Համայն աշխարհին մէջ բոլոր ազգերէն կը բարձրանայ աղաղակը. Ոչ պատերազմին։ Ոչ վերազինումին։ Թող որ կենսամիջոցները յատկացուին զարգացումին, առողջութեան, սնունդի, դաստիարակութեան, աշխատանքի» ըսաւ Քահանայապետը յիշելով խաղաղութեան ի նպաստ կատարուած ձեռնարկները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան, որ «այս տարի եւս եկած են վկայելու իրենց յանձնառումը համայն երկիրներուն մէջ խաղաղութեան համար», ըսաւ Ան, ողջունելով նաեւ Ալապամայէն ժամանած շեփորախումբը եւ տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորները։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց դարձեալ նորոգելով նոր տարուայ համար բարի մաղթանքները եւ ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Նշենք, որ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան ցուցապաստառներ, որոնք կը կրէին պատերազմի թիրախ աշխարի տարբեր երկիրներու անունները, ուր կար նաեւ Հայաստանը, որուն Արցախի զաւակները, այս օրերուն կ՜ապրին շրջափակումի մէջ եւ որոնց համար աղօթք բարձրացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակէն։