image

Հրդեհ «Զուարթնոց» օդակայանի մերձ. Ինքնաշարժներ այրած են

Հրդեհ «Զուարթնոց» օդակայանի մերձ. Ինքնաշարժներ այրած են

Յունուար 28-ին արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար Ծառայութեան 911 ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ինքնաշարժերու կայանատեղիին մէջ ինքնաշարժեր կ'այրին։ 

Հրշէջները նախ կանխած են կրակի տարածումը, ապա մարած այն։ Պարզուած է որ վառած է Mercedes ML մակնիշի մեքենան մասամբ եւ անոր մօտ կայանած Toyota մակնիշի մեքենան։ 

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ բարեբախտաբար՝ տուժածներ չկան։