image

Հրդեհ՝ Բագրատաշէնի անցակէտին մէջ գտնուող պահեստին մէջ

Հրդեհ՝ Բագրատաշէնի անցակէտին մէջ գտնուող պահեստին մէջ

Յունուար 3-ին, ժամը 12։43-ին Տաւուշի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ հրդեհ բռնկած է Բագրատաշէնի անցակէտին մէջ գտնուող պահեստին մէջ։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՆԳՆ-էն։

Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ Փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան արագ արձագանգման խումբը, հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն հինգ մարտական հաշուարկ, մէկ ջրատար, Պարեկային ծառայութեան կարգախումբեր։

Ըստ նախնական տուեալներու՝ պահեստին մէջ կ՚այրի լուսաւորող, ծրագրող, ազդանշանային, հրկիզուող բաղադրութիւններ պատրաստող սարքեր (պիրոտեխնիկա)։

Կը տրուի լրացուցիչ տեղեկատվութիւն։