image

Հրատապ. Սիւնիքի մէջ իրավիճակը ծանր. Տեղի կ՚ունենան տեղային մարտեր

  Հրատապ. Սիւնիքի մէջ  իրավիճակը ծանր. Տեղի կ՚ունենան տեղային մարտեր

 Հայաստանի ամրութեան ողնաշարի՝ Սիւնիքի մէջ  իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ լարուած։

 Այս մասին կը վկայեն Հայաստանի լրատուական դաշտի  տարբեր աղբիւրները, ինչպէս նաեւ ՀՀ ՊՆ-ի   կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը։

Կը նշուի  նաեւ, որ իրավիճակը թէժացած է  այսօր  յետմիջօրէի ժամը 14:00-էն սկսեալ եւ թշնամին կրակ բացած է Սիւնիքի Ծիծեռնաքար լեռնային հատուած  հայկական երկու դիրքերու ուղղութեամբ։

 Ըստ նախնական տուեալներու հայկական կողմը ունի վիրաւորներ եւ զոհուածներ։

Իր կարգին հայրենի «Հրապարակ» պարբերականը կը գրէ, որ Ատրպէյճանեան կողմը  գերեվարած է  հայ զինուորներ, սակայն այդ առումով  ՀՀ պաշտօնական կողմերը ոչ մէկ տուեալ  հաղորդած են։