Իրանի Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտը հրապարակած է նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի վթարի հետաքննութեան նախնական արդիւնքները:
Ըստ հետաքննութեան՝ նախագահը տեղափոխող կործանուած ուղղաթիռի բեկորներուն վրայ փամփուշտներու հետքեր չեն յայտնաբերուած: Ուղղաթիռը հրդեհ առած է միայն լերան բախելէ ետք՝ բարձրութիւն հաւաքելու ժամանակ: Վթարի ենթարկուած ուղղաթիռի օդաչուն կրցած է կապ հաստատել միւս երկու ուղղաթիռներու օդաչուներու հետ:
Նշուած է նաեւ, որ ուղղաթիռի որոնողական աշխատանքները շարունակուած են ամբողջ գիշեր՝ մառախուղի, ցուրտի եւ դժուարանցանելի տեղանքի պատճառով, եւ միայն առաւօտեան է, որ վթարի վայրը կրցած են յայտնաբերել՝ իրանեան անօդաչու թռչող սարքի միջիցաւ: