image

Հրապարակուած է «Զգոյշ» պարբերականի նոր համարը

 Հրապարակուած է «Զգոյշ» պարբերականի նոր համարը

 

Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն Պէյրութի մէջ օրերս հրապարակուած է «Զգոյշ» պարբերականի նոր համարը։

 

 Պարբերականը, որ առողջապահական նիւթերու կողքին կը ներկայացնէ  առողջ ապրելակերպի ու նաեւ կանխազգուշութեան վրայ շեշտը դնող հրապարակումներ նախաձեռնութիւնն է «Աֆհիլ»  առողջապահական- ապահովագրական ընկերութեան տնօրէնութեան։

Նշենք, որ այս թիւին մէջ յօդուածներ ունին ՝ Բժիշկներ՝ Կարպիս Հարպոյեան, Գոստան Եաբուճեան, Գոհար Վարդանեան, Նանոր Գոչունեան-Թաշճեան եւ Էտի Ռագուպեան։

 

 Ինչ կը վերաբերի պարբերականի խմբագրական կազմին, ապա խմբագրական խորհուրդը կը գլխաւորէ ՝ «Աֆհիլ»ի տնօրէն ՝Յակոբ Լատոյեան, իր կողքին ունենալով գաղութային մակարդակով ճանչցուած գրիչներ, իսկ թերթի գրաշարական, թէ ձեւաւորման աշխատանքները կը կատարէ Սագօ Գասապեան։

 

 Յաջողութիւն եւ բարի երթ կը մաղթենք՝ «Զգոյշ» պարբերականին, այն վառ յոյսով, որ Լիբանանը շատ արագ հունով դուրս կու գայ իր ծանր ու մոխրագոյն օրերէն։