image

Սերունդներու ներշնչարան՝ «Ջանասէր»ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը. Լոյս տեսած է Յունուար- Ապրիլ 2024 համարը

Սերունդներու  ներշնչարան՝ «Ջանասէր»ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը. Լոյս տեսած է Յունուար- Ապրիլ 2024  համարը

 

 Երկար տարիներով քրիստոնէական ուսմունք տարածող եւ սերունդներու համար Քրիստոսի խօսքին ու առաքելութեան ու իմաստներու թարգմանը հանդիսացող եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի հովանաւորութիւնն ունեցող՝ «Ջանասէր» պարբերականը (Հիմնուած՝ Պէյրութի մէջ) կը շարունակէ իր անխափան երթը։

 Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մերձ. Արեւելեքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ այդ մասին տրուած բացատրողականը։

«Ջանասէր»ի 2024 Յունուար-Ապրիլի թիւը լոյս տեսած է եւ առցանց ալ կրնաք կարդալ։ Պատգամներու, տեղեկագիրներու եւ եկեղեցական լուրերու կողքին Վարդանանցի եւ Համաշխարհային Աղօթքի պատգամեր, Քեսապի եկեղեցւոյ 170-ամեակին մասին, եւ ՄԱՀԱԵՄի 100-ամեակի պաշտամունքի սեմինարին մասին։ Կարդալու համար հետեւեալ յղումը գործածեցէք. եթէ տպագիր օրինակ կը փափաքիք ունենալ, գրեցէք այս էջին՝ DM-ով։

https://tinyurl.com/chanasser2024-1-4issue