image
Հրատապ լուրեր:

 «Կիւլպէնկեան հիմնարկ»ի հովանաւորութեամբ. Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած է Wasafiri ամսագրի հայերուն յատկացուած համարը 

 «Կիւլպէնկեան հիմնարկ»ի հովանաւորութեամբ. Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած է Wasafiri ամսագրի հայերուն յատկացուած համարը 

Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած է վերջերս լոյս տեսած Wasafiri ամսագրի հայերուն յատկացուած՝ «Armenia(n)s Elevation» խորագրեալ ձմռան թիւին շնորհահանդէսը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, համագործակցութեամբ՝ Wasafiri Միջազգային ժամանակակից գրականութեան ամսագրին հիւր խմբագիրներ Տաթեւիկ Այվազեանի ու Նանէ Յովհաննիսեանի, Յունուար 23-ին, Լոնտոնի մէջ կազմակերպած է հայերուն յատկացուած «Armenia(n)s Elevation» խորագրեալ ձմռան թիւին՝ շնորհահանդէսը։

Խմբագիրները ամսագրէն մէջբերումներ կատարած եւ հատուածներ կարդացած են ներկայացնելով հայկական պատումներուն խորքը, բազմազանութիւնը՝ անդրադառնալով հոն տեղ գտած յիշողութեան, տեղահանման, կենսական ուժի եւ գեղարուեստական արտայայտութեան նիւթերուն։

Դեսպան Վարուժան Ներսէսեան ողջունած է հիւրերը եւ ընդգծած Wasafiri ամսագրին հետ նման համագործակցութիւններու կարեւորութիւնը՝ հայկական ձայները միջազգային բեմին վրայ աւելի լսելի դարձնելու առումով։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ ներկայացուած են Կոմիտասի եւ Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւնները՝ ջութակի կատարումներով:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցած է ընդունելութիւն։