Ուքրանիոյ մէջ հրադադարը գլխաւոր պայմանն է Քիեւի եւ Մոսկուայի բանակցութիւնները սկսելու համար: Մարտ 3-ին այդ մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան:
«Առանց հրադադարի կարելի չէ անցնիլ իսկական բանակցութիւններու»,- ըսած է նախարարը France 2 հեռատեսիլային ալիքի եթերով: Միեւնոյն ժամանակ Լը Տրիան նշած է Ֆրանսայի միջնորդական դերը Ուքրանիոյ ճգնաժամի յաղթահարման գործով:
«Չնայած իրադրութեան ամբողջ լրջութեան, մենք պէտք է պահպանենք երկխօսութեան ուղիները Ռուսաստանի հետ»,- ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը: Անոր խօսքով՝ «Այդ առաւել եւս կարեւոր է, առայժմ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի ղեկավարները անմիջականօրէն չեն խօսիր»: