Իրանական օդանաւի ընկերութիւնը Տելհիի օդանաւային երթեւեկութեան իշխանութեան յայտնած է, որ Հնդկաստանի տարածքով անցնող իր օդանաւին մէջ ռումբի սպառնալիք կայ։ Տեղեկութիւնը հաղորդած է «ANI» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով սեփական աղբիւրներուն:
«Չինաստան մեկնող իրանեան ուղեւորատար օդանաւին մէջ պայթումի սպառնալիքի մասին հաղորդագրութիւնը տագնապ առաջացուցած է, օդ բարձրացած է ռազմաօդային ուժերու օդանաւերը», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Գործակալութեան տուեալով՝ «Mahan Air» օդանաւի ընկերութիւնն անմիջապէս կապ հաստատած է Տելհիի օդակայանի օդային երթեւեկութեան վարչութեան հետ, երբ ռումբի մասին հաղորդագրութիւն ստացած է՝ Տելհիի մէջ անյապաղ վայրէջք կատարելու պահանջով:
«Տելհիի օդանաւային առաքման ծառայութիւնն առաջարկած է, որ օդանաւը մեկնի Ճայփուր, բայց օդաչուն հրաժարած է ու լքած Հնդկաստանի օդային տարածքը», - յայտնած է գործակալութիւնը՝ յղում ընելով օդանաւային առաքման ծառայութեան աղբիւրներուն:
Նշուած է, որ օդանաւը մեկնած է Թեհրանէն եւ պէտք է վայրէջք կատարէ Կուանչժոու քաղաքին մէջ։