«Զանգեզուրի միջանցքը» կրնայ անցնիլ Իրանի տարածքով. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն A Haber-ի ուղիղ եթերին:
Անոր խօսքով՝ հարցը կը քննարկուի Հայաստանի հետ, սակայն հնարաւոր է, որ միջանցքն անցնի Իրանով:
Թուրք նախարարն ընդգծած է, որ այն պիտի ըլլայ Կեդրոնական միջանցքի կարեւոր երթուղիներէն մէկը:
«Նախագահի (Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան-Խմբ.) Նախիջեւան կատարած այցի ընթացքին մենք քննարկած ենք իրավիճակը ղեկավարներու եւ նախարարներու մակարդակով։ Զանգեզուրի երթուղին Թուրքիայէն դէպի Պաքու գիծեր պիտի ապահովէ։ Սա պիտի ըլլայ Կեդրոնական միջանցքի կարեւոր երթուղիներէն մէկը։ Բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Նախիջեւանէն մինչեւ «Տիլուճու» սահմանային անցակէտ կայ գիծ, օրակարգի վրայ են 14 քիլոմեթր երկարութեամբ նոր գիծի վերանորոգումն ու կառուցումը։ «Զանգեզուրի միջանցքի» 43 քիլոմեթրանոց հատուածն կ'անցնի Հայաստանի հետ սահմանով։ Սա կը քննարկուի հայկական կողմի հետ։ Հնարաւոր է նաեւ, որ միջանցքն իրականացուի Իրանի տարածքով։ Մենք կը մտածենք, թէ ինչպէս արագ այդ իրականութիւն դարձնել», -ըսած է ան։