image

«ՀՄԸՄ-Ֆրանս»ը պիտի ունենայ արդիական նոր համալիր

«ՀՄԸՄ-Ֆրանս»ը պիտի ունենայ արդիական նոր համալիր

Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութիւնը «ՀՄԸՄ-Ֆրանս»ին շնորհած է արդիական նոր համալիր մը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ միութեան տարածած հաղորդագրութենէն, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Հ․Մ․Ը․Մ․-Ֆրանսի Մեկուսի Վարչութիւնը եւ մարզական համալիրի կառուցման «Իմաստուններու յանձնախումբ»ը կու գան տեղեկացնելու, թէ Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ Հ․Մ․Ը․Մ․-Ֆրանսին կը շնորհէ նորակերտ մարզական համալիր՝ բաղկացած պասքեթպոլի դաշտէ, ժողովասրահներէ, ճաշարանէ, 400 հոգինոց սրահէ եւ տարբեր խաղավայրերէ։

Պայմանագիրը քաղաքապետ Պրն․ Անտրէ Սանթինիի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի վարչութեան միջեւ ստորագրուեցաւ 99 տարուան համար եւ վերանորոգուելու պայմանով։

Տարիներու երազով եւ աշխատանքով, համբերութեամբ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ականի հաւատքով Հ․Մ․Ը․Մ․-Ֆրանսի յաջորդական Վարչութիւնները եւ անդամները կարողացան յաջողցնել այս մեծ ծրագիրը, որ պիտի ծառայէ ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու ֆիզիքական առողջ դաստիարակման եւ հայեցի մթնոլորտով կազմաւորման աշխատանքին։ Մարզահամալիրին շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս առիթն ու կարելիութիւնը պիտի ունենայ թիւով ու որակով յաւելեալ զարգացման ու բարգաւաճման, հաւատարիմ միշտ բարձրանալու եւ իր հետ համակիր լայն շրջանակները եւս բարձրացնելու միութեան նշանաբանին։

Կեցցե՛ն «նահատակ ցեղի անմահները»։

Կեցցէ՛ Հ․Մ․Ը․Մ․ը։

 

Փարիզ, 28 Հոկտեմբեր 2022

                                                                                  Հ․Մ․Ը․Մ․-ՖՐԱՆՍԻ 

   ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ