Գերմանիոյ մէջ հիմնուած է «Երանուհի Գալայճեան կրթական ֆոնտ»ը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Գերմանիայէն։
Կը նշուի, որ կրթական ֆոնտը հիմնադրուած է օրերս մահացած Երանուհի Հարթման Գալայճեանի յիշատակը պանծացնելու համար եւ այն օգտակար պիտի հանդիսանայ, բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին նիւթական աջակցութեան իրենց ուսումը շարունակելու համար։
Նախաձեռնողները, որ հանգուցեալի ընտանիքի անդամներն ու մտերիմներն են այս առթիւ ալ տարածած են կարճ հաղորդագրութիւն իրենց հարազատին յիշատակը յարգողներու ուշադրութեան յանձնելով դրամատնային հաշուեհամարը, որուն միջոցաւ ալ կարելի պիտի ըլլայ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հաշուեհամարի տուեալները՝
Haig Hartmann
IBAN: DE09500333002440191501
BIC: SCFBDE33XXX
Adresse der Bank:
Santander Consumer Bank AG
Santander-Platz 1 D-41061 Mönchengladbach
Verwendungszweck (Usage): Donation Yeran