image

Հիմա ակնյայտ է, որ Թրամփը պիտի ըլլայ Հանրապետականի թեկնածուն. Պայտըն

Հիմա ակնյայտ է, որ Թրամփը պիտի ըլլայ Հանրապետականի թեկնածուն. Պայտըն

Նիւ Հեմփշիր նահանգին մէջ հանրապետականներու նախնական ընտրութիւններուն (փրայմըրիզ) Տանըլտ Թրամփի յաղթանակէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը յայտարարած է, որ 2024-ի նախագահական ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն պիտի ըլլայ Թրամփը:

Ան այս մասին յայտնած է նախկին ղեկավարի՝ Այովա եւ Նիւ Հեմփշիր նահանգներու նախնական ընտրութիւններուն յաղթանակներէն ետք, գրած է dailymail.co.uk-ը:

«Հիմա ակնյայտ է, որ Տանըլտ Թրամփ պիտի ըլլայ Հանրապետականի թեկնածուն: Եւ իմ ուղերձը երկրին այն է, որ խաղադրոյքները չեն կրնար ասկէ աւելի բարձր ըլլալ: Մեր ժողովրդավարութիւնը, մեր անձնական ազատութիւնները՝ ընտրութեան իրաւունքէն մինչեւ ընտրելու իրաւունք... բոլորը վտանգուած են», -ըսուած է Պայտընի յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024 թուականի նոյեմբերին։ Թրամփն ու ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Նիքի Հէյլին կը պայքարին ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու համար։