image

ՀՀ տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ

ՀՀ տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ: Փակ են Արագածոտնի մարզին մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները:

Վարդենեաց լեռնանցքը դժուարանցանելի է բոլոր փոխադրամիջոցներուն համար, իսկ կցորդիչով բեռնատարներուն համար` անուաշղթաներու կիրառման պարագային:

Շիրակի մարզի Կիւմրի քաղաքին մէջ մառախուղ է: Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռնային անուադողերով:

Ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն` Ստեփանծմինտա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր փոխադրամիջոցներուն համար: