image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ

Հայաստանի տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ:

Փակ են Արագածոտնի մարզին մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները:

Վարդենեաց լեռնանցքը (ձիւն) փակ է կցորդիչով բեռնատարներու համար, դժուարանցանելի` միւս փոխադրամիջոցներուն համար:

Անուաշղթաներու կիրառման պարագային Սարաւան-«Զանգեր» կոչուող հատուածը (ձիւն) դժուարանցանելի է կցորդիչով բեռնատարներու համար, բաց` միւս փոխադրամիջոցներուն համար:

Արագածոտնի մարզի Ապարանի տարածաշրջանի միջհամայնքային ճանապարհները դժուարանցանելի են:

Արագածոտնի մարզի Ապարան-Արագած, Սիւնիքի մարզի ճանապարհներուն տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց:

Կոտայքի մարզին, Արարատի մարզի Երասխ, Տիգրանաշէն գիւղերուն, Արագածոտնի մարզի Արագածի տարածաշրջանին, Աշտարակ քաղաքին, Սիւնիքի մարզի «Մեղրու սար» կոչուող հատուածին, Գորիս, Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ, Վայք, Տաւուշի մարզի Բերդ, Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս քաղաքներուն մէջ ձիւն կը տեղայ:

Սիւնիքի մարզի Գորիս-կապան ճանապարհին, Սարաւան-«Զանգեր» կոչուող հատուածին եւ Վայոց ձորի մարզի Վայք քաղաքներուն մէջ մառախուղ է: