image

Հայաստանի մէջ. Կան դժուարանցանելի ճանապարհներ

Հայաստանի մէջ. Կան դժուարանցանելի ճանապարհներ

Փրկարար ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ:

Փակ են Արագածոտնի մարզի մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները։

Վարդենեաց լեռնանցքը փակ է կցորդիչով բեռնատարներու համար, դժուարանցանելի՝ միւս տեսակի փոխադրային միջոցներու համար:

Սպիտակի ոլորանները դժուարանցանելի է բեռնատարներու համար։

Արագածոտնի մարզի ճանապարհներուն տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց։

Շիրակի մարզի մէջ, Հրազդան, Չարենցաւան, Եղվարդ, Քաջարան, Ջերմուկ, Վայք, Սպիտակ, Աշտարակ, Ապարան քաղաքներուն մէջ, Գորայք-«Զանգեր» կոչուող հատուածին եւ Վարդենեաց լեռնանցքին մէջ կը տեղայ ձիւն։

Վարդենեաց լեռնանցքին մէջ մառախուղ է։