Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւոր դատախազութիւններուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան ճամբով կանխուած է Ատրպէյճանի մէջ ծնած ՀՀ քաղաքացիի` սխալմամբ վտարումը Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն:
Գլխաւոր դատախազութենէն կը յայտնեն, որ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ անձը Ռուսաստանի տարածքին կատարած էր վարչական իրաւախախտում, դատարանին կողմէ կայացուած էր որոշում` զայն վարչական պատասխանատուութեան եւ Ռուսաստանի տարածքէն վարչական վտարման ենթարկելու մասին:
Վարչական պատասխանատուութեան եւ վարչական վտարման ենթարկելու մասին Ռուսաստանի համապատասխան դատարանի որոշման ներածական մասին մէջ անձին տուեալները շարադրելով դատարանը թիւրիմացաբար նշած էր, որ անձը կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի, ինչի պայմաններուն մէջ առկայ էր զայն Ատրպէյճան վտարելու իրական վտանգ:
Չնայած վտարման գործընթացին հետ ՀՀ դատախազութեան լիազօրութիւններու որեւէ առնչութեան բացակայութեան հանգամանքին` ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնը անյապաղ միջոցներու ձեռնարկած է գործընթացի կասեցման ուղղութեամբ` խնդիրի լուծմանը ներգրաւելով Ռուսաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը եւ ՀՀ պետական լիազօր մարմինները:
ՌԴ Գլխաւոր դատախազութեան աջակցութեամբ` խնդիրը ներկայացուած է վերոյիշեալ որոշումը կայացուցած դատարանի ուշադրութեան, որ սեղմ ժամկէտի մէջ համապատասխան լրացուցիչ որոշմամբ փոխած է իր որոշման մէջ տեղ գտած անճշդութիւնը, եւ անձը վերադարձուած է Հայաստան: