Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը յունուար 26-28-ն աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Սթրազպուրկ:
ՀՀ ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ ծրագրուած են Եւրոպայի խորհուրդին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ:
Յունուար 28-ին Արարատ Միրզոյեանը ելոյթով հանդէս պիտի գայ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանին, որ պիտի լուսաբանուի ուղիղ հեռարձակմամբ:
Այցի օրակարգի մէջ են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ: