image

Հերթական անգամ. Հուսիները կրակած են Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկող ամերիկեան նաւու մը ուղղութեամբ

Հերթական անգամ. Հուսիները կրակած են Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկող ամերիկեան նաւու մը ուղղութեամբ

Եմէնի հուսի ապստամբներու «Անսար Ալլահ» շարժման ներկայացուցիչները Կարմիր ծովուն մէջ յարձակած են Միացեալ Նահանգներուն պատկանող առեւտրային նաւու՝ Star Iris-ի վրայ: Այս մասին ըսած է շարժման ռազմական խօսնակ Եահիա Սարիան։

Ինչպէս Սարիան ըսած է հուսիներու կողմէ վերահսկուող «Ալ Մասիրա» հեռուստաալիքի եթերին, Եմէնի ռազմածովային ուժերը հականաւային հրթիռներով յարձակած են նաւու վրայ։

Ան պարզաբանած է, որ հարուածը եղած է ուղիղ ու դիպուկ։